ԱՄՆ-ի նախագահ Ջո Բայդենը հայտարարել է, որ դուրս կգա նախագահական ընտրապայքարից, եթե բժիշկները պարզեն, որ ինքն առողջական խնդիրներ ունի։ «Անկեղծ ասած, ես կարծում եմ, որ միակ բանը, որ տարիքը բերում է, իմաստությունն է»,- հավելել է Բայդենը։ Ավելի վաղ նա ասել էր, որ կհրաժարվի նախընտրական մրցապայքարից միայն այն դեպքում, եթե Աստված իրեն ասի դա անել։               
 

«Հայկական Դրօշակը Բարձր Պահեցինք»

«Հայկական Դրօշակը Բարձր Պահեցինք»
03.03.2024 | 15:20

Մարիանա Աբրահամեանը եւ Լեւոն Պատեմեանը երկու երիտասարդ հայորդիներ են, որոնք հայկական ընտանիք-տուն կազմած են Հայաստանէն դուրս` Սկովտիոյ Կլասքօ քաղաքը: Մարիանան երիտասարդ երաժիշտ-դաշնակահար է, որ իր ուսումը նախ ստացած է Նորվեկիոյ մէջ, 2014-2016 տարիներուն, ապա հասած է Կլասքօ եւ ստացած մագիստրոսի վկայականը` իբրեւ ընկերակցող դաշնակահար: Ան ապա աւելի կատարելագործած է իր ուսումը, երբ վերջերս ստացած է դոկտորական վկայականը` նոյն մասնագիտութեան մէջ:

Փետրուար 2024, Սկովտիա:

Կը զրուցէի այս երիտասարդ զոյգին հետ, որոնք կեանքին կը նային իբրեւ խոստմնալից հայեր` բարձր իտէալով եւ լաւագոյնին ձգտելու կամքով: Ինչպէ՞ս չունենալ իտէալ եւ կամք, երբ հայեր են` եկած Հայաստանէն, եւ Մարիանային իսկ վկայութեամբ` «Հայաստանը ամէն ինչ է»:

«Ընտանիքիս անդամները հայրենասէր եղած են եւ մեզի փոխանցեցին ազգային ինքնութիւն ու մայրենի լեզու, որպէսզի խօսինք եւ գրենք հայերէն», ըսաւ Մարիանան: Երիտասարդ երաժիշտը ոչ մէկ ճիգ կը խնայէ, որպէսզի հայկական երաժշտութիւնը ներկայացնէ օտարին: Ան երկու անգամ` 2018 եւ 2019 թուականներուն, նուագած է Չարլզ իշխանին (այժմ` թագաւոր) ներկայութեան, երբ մեկնաբանած է Կոմիտասի «Ծիրանի ծառ»-ը: Մարիանային երիտասարդ տաղանդը չէ սահմանափակուած միայն Սկովտիոյ մէջ: Ան եղած է Պուէնոս Այրես եւ Լոնտոն, ուր մասնակցած է հաւաքական համերգներու եւ ներկայացուցած է հայկական ու օտար յօրինումներ:

«Հայկական մշակոյթը մեր ուժն է եւ մեր շարժիչը», ըսաւ Մարիանան: Ան այս մշակոյթով խիզախօրէն մտած է «օտար» կեանքերու մէջ, եւ եթէ հաստատ քայլերով յառաջ կ՛ուզէ երթալ, բայց նոյնքան նաեւ հայը եւ անոր մշակոյթը կ՛ուզէ ներկայացնել: Հոս տեսայ հայ երիտասարդուհին, որ չի բաւականանար միայն իր անձնական յաջողութիւնները կերտելով: Ան կը գիտակցի հայուն յաջողութեան եւ կ՛ուզէ իր բաժինը բերել այս գործընթացին մէջ: «Հայութիւնը իմ մէջս է,- ըսաւ Մարիանան: – Ես հպարտ եմ իմ ազգանունովս եւ միշտ ալ տեսած եմ, որ հայ ըլլալը բազմաթիւ յաջողութիւններ բերած է ինծի»:

Մարիանան մասունքի նման կը պահէ իր հայկական անձնագիրը: «Ես կ՛ուզեմ պահել զայն, նոյնիսկ երբ ուրիշ քաղաքացիութիւն ալ ստանամ»: Մարիանան երախտապարտ հայն ու հայաստանցի քաղաքացին է: «Իբրեւ երաժիշտ` իմ կատարելագործումս կատարեցի Հայաստանէն դուրս, բայց իմ մասնագիտութեանս հիմքը դրուած է Հայաստանի մէջ», ըսաւ Մարիանան:

Չուշացաւ Մարիանային գոհունակութիւնը եւ արժեւորումը: «Ես սորվեցայ լաւագոյն դասախօսներէն Արմէն Բաբախանեանի շունչին տակ,- ըսաւ ան,- եւ կ՛ուզեմ իմ կատարելագործումս աւելի աշխուժացնել Հայաստանի համար»:

Մարիանան յստակ ըրաւ, որ քաղաքական գործիչ չէ: Այդ մէկը շատ ակնյայտ էր, քանի կը զրուցէի երիտասարդ դաշնակահար-արուեստագէտի մը հետ, որուն սիրտը կը տրոփէ հայուն մշակոյթով: Սրտի տրոփումներուն մէջէն դուրս կը հանէր իր տաղանդը, որ յստակ կերպով կ՛արտացոլար մատներուն եւ դաշնակին հետ ու անոր վրայ ստեղծուած արուեստով եւ երաժշտութեամբ:

Սակայն Մարիանան ունի տեսակէտ Հայաստանի իրադարձութիւններուն վերաբերեալ: «Կը ցանկամ Հայաստանի կառավարող ուժի հասունութիւնը տեսնել, որովհետեւ մեզի պէտք է հայոց պատմութեան այս ամօթալի էջէն շտապ վերականգնիլ եւ շտկել մեր մէջքը,- ըսաւ Մարիանան: – Այս կրնանք ընել` ճիշդ ղեկավարութիւն մը ստեղծելով եւ միասնական ջանքերով»:

Մարիանան կը տեսնէ Հայ եկեղեցւոյ ուժը եւ կը հաւատայ: «Ես կը հաւատամ միասնականութեան, որ կը ստեղծուի եկեղեցւոյ շուրջ,- շարունակեց Մարիանան: «Իբրեւ հայ իմ ուժս կը ստանամ հայկական եկեղեցիէն, եւ եկեղեցւոյ շուրջ պէտք է համախմբուինք»: Մարիանան իմ առջեւս դրաւ իր երազ-փափաքը: «Կ՛ուզեմ տեսնել, որ օր մը Սկովտիոյ մէջ հայկական եկեղեցի մը ունենանք»:

Այսօր Սկովտիոյ մէջ կ՛ապրին մօտաւորապէս երեսուն հայեր: Մեծ թէ փոքր թիւով հայորդիներ` բոլորն ալ պէտք ունին հայկական շունչին, որ հայուն պիտի տայ ապահովութիւն եւ վստահութիւն:

Լեւոնը հանդարտ կերպով կը հետեւէր մեր խօսակցութեան: Ան համացանցի եւ համակարգիչներու ապահովական ցանցեր իրագործելու մասնագիտութեան եւ աշխատանքներուն մէջ է: Կը սիրէ իր մասնագիտութիւնը: 2000 թուականէն Լեւոն կ՛ապրի Սկովտիա: Բայց այդ երկար տարիներու սփիւռքեան կեանքը Լեւոնին համար աշխարհագրական եւ ֆիզիքական բնակութիւն եղած է միայն: Լեւոնի հոգին եւ ներաշխարհը Հայաստանն է: «Հայաստանը իմ ծննդավայրս է: Աշխատանքի համար այս երկիրները եկանք: Եթէ պայմանները լաւ ըլլան, կ՛ուզեմ վերադառնալ Հայաստան: Մեր տունն է, մեր լեզուն է», ըսաւ Լեւոն:

Լեւոնը կը փնտռէ, բայց նաեւ կ՛ապրի հայկականն ու հայուն կենցաղը: «Հայ ըլլալը ընկերներուդ վստահիլ է, զանոնք սիրել է: Ընկերներ եւ ընտանիք կապը տարբեր է հայութեան մէջ», ըսաւ Լեւոն:

Մարիանան եւ Լեւոնը նոյնքան կ՛ապրին հայուն` իրենց ցաւը` Ցեղասպանութիւնը: «Կոմիտաս վարդապետը շատ յօրինումներ ունի Ցեղասպանութեան հոգին արտացոլացնող, եւ ես զանոնք կ՛արտայայտեմ իմ արուեստիս ընդմէջէն»,- ըսաւ Մարիանան: – Մեզ զրկեցին մեր հողէն ու մեր պատմութենէն, եւ մենք դարձանք սփիւռք: Բայց մենք վճռած ենք, որ պիտի պահենք մեր ինքնութիւնը», եղաւ Մարիանայի ինքնավստահ հաստատումը:

«Մեզ փորձեցին վերացնել, բայց երբեք չյաջողեցան», եղաւ Լեւոնի մասնակցութիւնը մեր խօսակցութեան: «Հայ ազգը միասնական պէտք է ըլլայ, որպէսզի զիրար պահենք, եւ նոյն պատմութիւնը դարձեալ չկրկնուի», ըսաւ Լեւոն:

Մարիանան եւ Լեւոնը նաեւ կ՛ապրին Արցախի կորուստը եւ անոր ցաւը: «Շատ ցաւ կ՛ապրիմ,- ըսաւ Լեւոն: «Առանց Արցախի` Հայաստանը թերի է», աւելցուց Մարիանան:

Լեւոնը Եռաբլուր չէ եղած, բայց Սկովտիայէն կ՛ապրի անոր մռայլութիւնը: «Եռաբլուրը մռայլ իրականութիւն է: Հայը պէտք է վերացնէ այս մռայլութիւնը», ըսաւ ան:

Հայաստանի «Ալաշկերտ» ֆութպոլի խումբը Կլասքոյի մէջ խաղցած է տեղական Սելթիք խումբին դէմ, եւ այս` եւրոպական մրցաշարքերու խաղացանկի ծիրին մէջ: Աւելի քան 60.000 հանդիսատեսներու մէջ հոն էին նաեւ հինգ հայեր: Եւ այդ հինգ հայերուն շարքին էին Մարիանան ու Լեւոնը:

«Հինգ հայերով վեց հայկական դրօշակներ բարձրացուցինք,- ըսին Լեւոնը եւ Մարիանան: – Անկախ անկէ, որ հայկական խումբը պարտուեցաւ, մենք հայկական դրօշակը բարձր պահեցինք»:

Կը նայէի այս հայ երիտասարդ զոյգի դէմքերուն եւ կը հրճուէի` տեսնելով անոնց հպարտութիւնը: Երիտասարդ հայերու հպարտութիւնը: Հպարտութիւնը, որ կը լեցնէր եւ կը լիցքաւորէր անոնց կեանքերը` սփիւռքեան այս մէկ ծայրամասին մէջ: Անոնք հայկական դրօշակը բարձր պահելով` նաեւ բարձր կը պահեն իրենց ինքնութիւնը, մշակոյթը, լեզուն եւ հաւատքը: Ու տակաւին… Հայաստանը:

Հայուն պատմութեան այս դժուար եւ բախտորոշ օրերու ժամանակահատուածին մէջ հայը պէտք ունի իր հայկական դրօշակը բարձր պահելու: Դրօշակը բարձր պահելով` բարձր կը պահենք մեր հպարտութիւնը, նոյնիսկ երբ ճզմուած ենք: Ու տակաւին, երբ յուսահատ ու յուսախաբ ենք: Եւ երեւի` կոտրուած:

Եթէ որոշած ենք դուրս գալ այս իրավիճակէն, եւ անպայմանօրէն` այո՛, այդ կը նշանակէ, թէ «մեր դրօշակը բարձր պիտի պահենք»: Իսկ դրօշակը` իր ամբողջական հասկացողութեան մէջ: Մեր ինքնութիւնը, մեր մշակոյթը եւ լեզուն: Եւ` հպարտութիւնը:

Լեւոնը եւ Մարիանան` երիտասարդ հայորդիները, հեռաւոր Սկովտիոյ մէջ բարձր կը պահեն հայկական դրօշակը: Եւ դրօշակին հետ` իրենց ինքնութիւնն ու մշակոյթը: Անոնք հպարտ հայեր են, որոնք չեն ուզեր յուսահատիլ:

«Հայկական դրօշակը բարձր պահեցինք»:

Մարիանան եւ Լեւոնը:

Բայց` ամբողջ հայութիւնը: Ես, դուն եւ իւրաքանչիւրս:

Հայուն դրօշակը` հայուն հպարտութիւնը բարձր պահելու պարտականութիւնը եւ անոր հետ ապրելու գրաւականը:

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Փետրուար 2024

Դիտվել է՝ 1267

Մեկնաբանություններ